ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Կիրակի Յուլիս 14ին, Ազգային Ֆերահեան վարժարանին մէջ, օրհնութեամբը Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի, բացումը կատարուեցաւ Նարեկ Նազարեանի անուամբ ուսուցչարանի ժողովավայրին:
Ներկայ էր Ազգային Ֆերահեան վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան, փոխտնօրէն Վարդգէս Նալպանտեան, վարժարանի ուսումնական մարմինի եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, Նարեկի ծնողքը՝ տէր եւ տիկին Յարութ եւ Մանիա Նազարեաններ, ինչպէս նաեւ հարազատներ եւ բարեկամներ:
Նարեկ Նազարեան կարճ ժամանակով յաճախած է Ազգային Ֆերահեան վարժարանը. երբ ծնողքը կը փոխադրուի ուրիշ քաղաք, Նարեկ իր ուսումը կը շարունակէ այդ շրջանի վարժարանին մէջ: Ան պիտի ըլլար 2013 թուականի շրջանաւարտներու կողքին, սակայն անցեալ տարի, Նարեկի անակնկալ եւ վաղաժամ մահը կիսատ թողեց անոր կեանքին երազանքները՝ ցնցելով ծնողքը, հարազատները եւ «Ֆերահեան»ի մեծ ընտանիքը: Եւ ահա, մահէն ճիշդ տարի մը ետք, տէր եւ տիկին Յարութ եւ Մանիա Նազարեաններու փափաքով եւ նուիրատուութեամբ, Ազգային Ֆերահեան վարժարանին մէջ Նարեկ Նազարեանի անունը կ՛անմահանայ՝ Նարեկ Նազարեանի անուան ուսուցչարանի ժողովավայրով:
Բացման արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ վարժարանի ուսուցչարանին մէջ: Ապա յաջորդաբար խօսք առիթն վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան եւ ուսումնական մարմինին կողմէ՝ տոքթ. Ռաֆֆի Կէտիկեան. իսկ հարազատներէն Յարութ Մատէնեանը իր սրտի խօսքը փոխանցեց Նարեկի ընտանեկան պարագաներուն: Ապա, ներկաները առիթն ունեցան դիտելու վարժարանի տարեգիրքերը, որոնց մէջ կային Նարեկի դպրոցական տարիներու նկարները, եւ իրենց մխիթարական խօսքերը փոխանցեցին Նարեկի ծնողքին եւ հարազատներուն: