
ՄՈՆՐՈՎԻԱ.- Քեթրին Թորոսեան Չորեքշաբթի, Յունիս 26ին նշանակուած է Մոնրովիա քաղաքի միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչ եւ այդ պարտականութիւնը ստանձնած է Յուլիս 1ին:
Նախապէս եւ Յուլիս 2008էն ի վեր, ան Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչի օգնականն էր՝ կրթական սպասարկութեանց մարզէն ներս, իսկ 2005էն 2008ի միջեւ՝ տնօրէնը Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանին, իսկ անկէ առաջ՝ փոխտնօրէնը Տայմընտ Պար քաղաքի երկրորդական վարժարանին (1995-2005): Ան նաեւ Տայմընտ Պար քաղաքի երկրորդական վարժարանի 9-12 դասարաններուն անգլերէն դասաւանդած էր 1986էն 1995 տարիներուն:
Քեթրին Թորոսեան 2009ին դոկտորի կոչում ստացած է կրթական մարզին մէջ, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, իսկ 1986ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն վկայուած է Մագիստրոսի տիտոսով, խորհրդատուութեան մարզին մէջ. նոյն համալսարանէն, 1984ին Պսակաւոր արուեստից վկայական ստացած էր անգլերէն գրականութեան ճիւղին մէջ: 2009ին, ան ամբողջացուցած է նաեւ Քալիֆորնիոյ վարժարաններու վերահսկիչներու յատուկ դասընթացքներ:
Քեթրին Թորոսեան 2012ի Յունուարին ստացած է Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան «Տարուան կրթական գործիչը» մրցանակը, ապա նաեւ Կլենտէյի ծնողաուսուցչական մարմիններու «Պատուոյ սպասարկութեան» մրցանակը՝ Յունուար 2001ին:
2009ին, ան նաեւ ստացած է Մեծն Լոս Անճելըսի Ամերիկահայ առեւտուրի գրասենեակի «Տարուան կին»ը մրցանակը:
Քեթրին Թորոսեան նաեւ գործօն անդամ մըն է Քալիֆորնիոյ վարժարաններու տնօրէններու միութեան, եղած է Երիտասարդ քրիստոնեաներու միութեան վարչութեան անդամ եւ կը գործակցի շարք մը այլ կազմակերպութեանց հետ: