ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 1 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ազատազրկման հետ կապուած պատիժների կիրառման նուազեցումը՝ եւրոպական ստանդարտների համաձայն» ծրագիրի շնորհահանդէսը: Ծրագիրը կարելի եղած է իրականութիւն դարձնել Նորվեկիոյ կառավարութեան բարի կամքի իբրեւ արդիւնք կատարուած նիւթական օժանդակութեամբ։
Ծրագիրին նպատակն է հայաստանեան բանտային համակարգը համապատասխանեցնել եւրոպական բանտային կանոններուն եւ Եւրոպայի խորհուրդի այլ յանձնարարականներուն, մասնաւորապէս՝ ԵԽի դատաքննութեան կանոններուն, Խոշտանգումներու կանխարգելման յանձնաժողովի չափանիշներուն, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի սկզբունքներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.