ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Նորածին երեխաներ ունեցող սուրիահայ ընտանիքներուն քաղաքապետարանին կողմէ կը յատկացուին մանկասայլակներ, մանկական իրեր եւ անհրաժեշտ այլ առարկաներ:
Քաղաքապետարանի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, 2013 թուականի առաջին կիսամեակի ամփոփ տուեալներով՝ աջակցութիւն ստացած է Երեւանի մէջ բնակող սուրիահայ շուրջ 850 ընտանիք, որոնցմէ 352ը՝ միայն վերջին ամսուան ընթացքին:
Տարբեր ծրագիրներու ծիրին մէջ սուրիահայերուն նկատմամբ կը ցուցաբերուի ընկերային, կրթական կարիքներու աջակցութիւն, իրաւական խորհրդատուութիւն եւ համապատասխան օգնութիւն: Այդ բոլորին իբրեւ արդիւնք՝ բաւական դիւրացած է վերջիններուս մշակութային ու հասարակական կեանքին մէջ լիարժէք ներգրաւման գործընթացը:
Քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող բժշկական հաստատութիւններուն մէջ բժշկական օգնութիւնը եւ սպասարկութիւնը սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն համար կը կատարուի անվճար: Անոնք նոյնիսկ առիթ ունին օգտուելու «Գթութեան խոհանոցներ»էն:
Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի ընկերային ապահովութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Զաքարեան յայտնած է, որ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի սուրիահայերուն աշխատանք ապահովելու հարցին: Վարչական շրջաններու աշխատակազմերու աջակցութեամբ 13 սուրիահայեր աշխատանք ունին: Ան նաեւ նշած է, որ վարչութեան կողմէ անապահովութեան գնահատման համակարգին մէջ սուրիահայ ընտանիքներու հաշուարկ կը կատարուի եւ անոր լոյսին տակ յաւելեալ ընտանեկան նպաստներ պիտի տրամադրուին։
Կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներուն աջակցութեան ծրագիրները շարունակական պիտի ըլլան: Կը քննարկուին նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.