
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան մեղադրած է նախարարութիւններու միջին օղակի պաշտօնեաները, որ Հայաստանի քաղաքացիները բողոքի ցոյցերը յաճախ կը կատարեն կառավարութեան շէնքին առջեւ:
27 Յունիսի կառավարութեան նիստին ընթացքին արտասանած իր բացման խօսքին մէջ Սարգսեանը նշած է, որ գործադիր իշխանութեան այդ պաշտօնեաները, ձեռնհասութեան պակասի պատճառով կամ միտումնաւոր, յաճախ կ՛ապակողմնորոշեն հասարակութեան անդամները եւ կ՛ուղղորդեն կառավարութիւն՝ անոնց խնդիրներու լուծման համար։ Ան դիտել տուած է, որ իր անունով բողոքները պիտի ուղարկուին այն նախարարներուն, որոնք պատասխանատու են այդ ոլորտներուն:
Ամէն Հինգշաբթի տեղի ունեցող կառավարութեան նիստերուն, որպէս կանոն, շէնքին առջեւ կը հաւաքուին մարդիկ, որոնք կը բարձրացնեն տարբեր հարցեր եւ կը ներկայացնեն բողոքներ՝ սկսած զոհուած զինուորներու մայրերէն, փողոց նետուած եւ խաբուած բնակիչներէն մինչեւ վարձու ինքնաշարժներու վարորդներ եւ ընկերութիւններու աշխատակիցներ, որոնք տարբեր պահանջներ ունին։
Այսօր տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին վարչապետը նաեւ անդրադարձած է «օֆշորային սկանդալին», որուն առնչութեամբ նաեւ իր անունը շրջան կ՛ընէ լրատուամիջոցներուն կողմէ՝ Կիպրոսի մէջ արձանագրուած ընկերութեան որոշ ենթադրեալ «մութ» գործառնութիւններուն համար: Սարգսեան նման խօսակցութիւնները կոչած է «քաղաքական սպեկուլեացիաներ» եւ մեղադրած լրատուամիջոցները՝ «հեքիաթներ յօրինելու» յանցանքով: