
ԵՐԵՒԱՆ.– 27 Յունիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, պարուսոյց Կարէն Գէորգեանն ու Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքի Հայ պարարուեստի կեդրոնի ղեկավարներ Վարդան եւ Արմինէ Աղաջանեանները, որոնք Հայաստան կը գտնուին Լոս Անճելըսի Հայ պարարուեստի կեդրոնի 15ամեակին նուիրուած յոբելենական համերգային շրջագայութեան ծրագիրով:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն՝ հայապահպանման իմաստով իրենց տարած գործունէութեան համար:
«Հայ մշակոյթը ծնւում է հայ հողի վրայ եւ բիւրեղանում է հայ հողում, ուստի իւրաքանչիւր հայ պէտք է միշտ կապի մէջ լինի հայրենիքի հետ», նշեց նախարարը։ Հանդիպման աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ հիւրերը յուշանուէրներ փոխանակեցին: