
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 26 Յունիս 2013ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Հայ եկեղեցւոյ ծիսական բարեկարգման յանձնախումբը իր հերթական հանդիպումին սկսաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն յանձնախումբի անդամներն են Միքայէլ եպս. Աջապահեան Արշակ եպս. Խաչատրեան, Վահան եպս. Յովհաննէսեան եւ Զաքարիա վրդ. Բաղումեան: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Կոմիտաս արք. Օհանեան, Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան:
Հիւրաբար հանդիպումներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Վարուժան արք. Հերկելեանն ու Նարեկ արք. Ալեէմէզեանը։ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ կը մասնակցի Թաթուլ վրդ. Անուշեան։
Յանձնախումբը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ յառաջիկայ երկու օրերուն, վերջնական բնագիր եւ բացատրական ուղեցոյց մը ներկայացնելու համար Եպիսկոպոսաց ժողովին։
Չորեքշաբթի կէսօրին, ժողովի մասնակիցները ճաշի հիւրը եղան վեհափառ հայրապետին, որ շեշտեց յառաջիկայ Եպիսկոպոսաց ժողովի գումարման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս Հայ եկեղեցւոյ ծիսական բարեկարգութեան հրամայականը։