ՀՈՆԿ ՔՈՆԿ.- Շաբաթ, Յունիս 15ին Չինաստանի հայ համայնքի անդամներ Կանկզու քաղաքին մէջ գտնուող միջերկրականեան ճաշարանի մը մէջ հաւաքուեցան, տօնելու համար Հոնկ Քոնկի հայ համայնքի կեդրոն մը բանալու լուրը եւ վայելելու համար Քանատայէն սոյն առիթով յատկապէս հրաւիրուած Արթիւր Աբգարեանի երաժշտութիւնը:
Արթիւր Աբգարեան եւ իր նուագախումբը հրաւիրուած էին Յակոբ Մաքսեանի եւ երկար տարիներէ ի վեր Չինաստան հաստատուած Երջօ Սամուէլեանի միջոցներով:
«Երբեք չէի կրնար երեւակայել, որ Չինաստանի հայ համանքը, ի մասնաւորի երիտասրդները, որոնք այսքան հեռու կ՛ապրին հայրենիքէն կամ իրենց ծննդավայրերէն, այսքան խանդավառութիւն կը ցուցաբերեն եւ լեցուն են հայկական ոգիով: Ամբողջ սրտով կ՛ըսեմ, որ ես սիրահարեցայ այս համայնքին», յայտնեց Արթիւր Աբգարեան իր ելոյթի աւարտին:
Յ. Մաքսեան եւ Ե. Սամուէլեան առատաձեռնօրէն հիւրասիրեցին 90է աւելի հայորդիներ, ներառեալ՝ Չինաստան ծնած հայ նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, որոնք եկած էին երկիրի զանացան եւ հեռաւոր քաղաքներէ:
Չինաստանի հայ համայնքի անդամները զանազան առիթներով կը համախմբուին երկիրի տարբեր քաղաքներու մէջ: Անոնք կու գան զանազան քաղաքներէ, ինչպէս՝ Հոնկ Քոնկ, Պէյճինկ, Շանկհայ, Կանկզու եւ Շենզեն:
Չինաստանի հայ համայնքը քաջալերելու կամ անոր մասին տեղեկութեանց համար այցելել chinahay.com կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.