ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Իւնիքոմփ» ընկերութիւնը Intel-ի հիման վրայ կը կազմէ դպրոցականներու համար նախատեսուած անհատական համակարգիչներ՝ Classmate PC-ներ: Այդ մասին «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Գրիգոր Բարսեղեանը:
Սարքին արտաքին ձեւաւորումը յարմարեցուած է յատուկ մանուկներու համար՝ թեթեւ է, տոկուն, դիւրին փոխադրելի: Համակարգիչի ծրագրային ապահովումը կատարած է «Մայքրոսոֆթը» (համակարգիչը յատկապէս օժտուած է Windows 8-ով, ուսումնական ծրագիրներով, ունի անվճար ելեկտրոնային նամակատուն եւ այլն):
Այս համակարգիչին առանձնայատկութիւնն այն է, որ ունի հայերէն ստեղնաշար: Համակարգիչին արժէքը 169 հազար դրամ է, սակայն Գ. Բարսեղեան նշած է, որ միայն ծրագիրներու շուկայական արժէքը այդքան է արդէն։
Արդէն կազմուած են առաջին 1000 Classmate PC-ները, իսկ «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրը 800 հատ ապսպրած է արդէն: Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, «Դիջիթեք Բիզնես ֆորում»ին ընթացքին՝ ծանօթանալով Classmate PC-ի նմոյշի մը՝ փափաք յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուի անոնց զանգուածային արտադրութիւն՝ մինչեւ տարեկան 25-30 հազար հատ, որպէսզի առաջին դասարանցի բոլոր երեխաները ունենան անկէ:
Գ. Բարսեղեանի համաձայն, եթէ Classmate PC–ի արտադրութեան առեւտուրի եւ շինութեան գործընթացներուն մէկ մասը կատարուի Հայաստանի մէջ (ներկայիս կը կատարուի միայն վերջին հանգրուանը), ապա գինը կարելի է մեծապէս նուազեցնել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.