ԵՐԵՒԱՆ.– Կառավարութիւնը 27 Յունիսին համաձայնութիւն տուած է «Գոյքահարկի հարկման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղիները» հայեցակարգին, որուն գործադրութեամբ բարձրարժէք գոյքին համար պիտի ճշդուին աւելի բարձր հարկեր։ Ըստ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան, «այս հայեցակարգի շնորհիւ կը ստեղծուի անշարժ գոյքի պաշարների ճշգրիտ տեղեկատուական բազա, ինչը հնարաւորութիւն կը տայ մեծացնել հարկման արդարացիութիւնը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.