Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Սիրելի Ընկեր Սարհատ,
Մեզմէ առյաւէտ բաժանումիդ գոյժը առի Երկուշաբթի, 25 Յունիսի առաւօտուն, երբ նոր մտած էի աշխատանքի գրասենեակս։ Ընկեր մը, որ այդ օրերուն կը գտնուէր հեռաւոր Ֆիլատելֆիա, եւ որ յաճախ քու մասիդ տեղեկութիւններ ու բարեւներդ կը փոխանցէր, հեռաձայնեց ըսելու, թէ տխուր լուր մը ունէր տալիք։ Ի՜նչ գիտնայի… Միտքէս իսկ չէր անցներ, որ տխուր լուրը քու մասիդ կրնար ըլլալ. հայկական մեր աշխարհին մէջ շատ տեղերէ տխուր լուրեր կը հասնին այս օրերուն…։ Ցնցիչ անակնկալ մըն էր, որովհետեւ անողոք հիւանդութեանդ մասին տեղեակ չէի, միայն իմացեր էի, որ առողջական հարցեր ունեցեր ես, ու մտածեր էի, որ իմ գիտցած Սարհատս՝ մանր-մունր բաներու ականջ կախողներէն չէ։
Այսօր, «Ազդակ»ի մէջ կրկնուող գոյժը զիս պահ մը տարաւ տասնամեակներ ետ։ Հիմա, ներէ՛, որ պահ մը մոռնամ համեստութիւնդ եւ անանձնական կեանքդ, եւ գոնէ մէ՛կ վկայութիւն արձանագրեմ հոս, վստահ ըլլալով, որ այլ ընկերներ, քո՛ւ իսկ նախընտրութեամբդ շուքի մէջ պահուած վաստակիդ այլ երեսներուն մասին պիտի արտայայտուին անպայման։
…Հայաստանի վերանկախացման ու անոր յաջորդած՝ արցախեան պատերազմի տաք օրերն էին, աւելի քան 20 տարի առաջ, բայց կարծես թէ երէկ ըլլար։ Միջազգային լրատու գործակալութիւնները իրենց հաղորդումներուն մէջ երբեմն շատ ժլատ էին Հայաստանի ու արցախեան ճակատներու մասին, յաճախ ալ լուրեր կը հաղորդէին իրենց «ճաշակով», հայ-ազերիական հակամարտութիւնը, կամ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի ու մեր ժողովուրդին դարաւոր պայքարները ներկայացնելով «իսլամական Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի» եւ «քրիստոնեայ Հայաստանի-հայերու» հակադրութեան ակնոցով, անտեսելով, որ հայութիւնը իր այդ երկու դրացիներուն հետ ազգային-հողային պահանջատիրութեան հարց ունի, մեր քրիստոնեայ ու իրենց իսլամ ըլլալը առաջնակարգ տեղ չի գրաւեր հակամարտութեանց մէջ։
Այդ օրերուն, համացանցի կարողութիւնները նախնական էին, նմանապէս՝ Հայաստանէն կատարուող լուրերու հաղորդումը։ «Ազդակ»ի լրատուութեան բաժինի խմբագրութիւնը, որուն աշխատանքները կ՛երկարէին գիշերուան մինչեւ ուշ ժամերը (քու սիրած պահերդ), ստիպուած էր մեծ մասամբ ապաւինիլ Երեւանի ձայնասփիւռի կայանի հաղորդումներուն (ոչ աննախընթաց վիճակ. նախընթացներէն մէկը… «Արարատ» խումբի յաղթական երթի օրերուն էր արձանագրուած)։ Հաղորդումները կը կատարուէին կարճ ալիքի վրայ։ Մեր տրամադրութեան տակ ունէինք բաւական ուժեղ ընկալուչով ձայնասփիւռ մը, որուն վրայ գտած էինք Երեւանի հաղորդումներուն մէկ ալիքը։ Սակայն մեր գործիքը այդքան ալ յանցաւոր չէր, երբ կարգ մը օրեր կամ որոշ ժամերու, հաղորդումները գրեթէ անլսելի կ՛ըլլային, խժալուր միջամտութիւններ, սուլոցի պէս ձայներ պատճառ կ՛ըլլային, որ չկարենայինք հասկնալ հաղորդումները։
Այդ օրերուն, կը յիշե՞ս, փրկարար հրեշտակի պէս օգնութեան հասար մեզի։ Գիտէի, որ ազատ ժամերուդ մեծ մասը կը տրամադրէիր սիրած մէկ զբաղումիդ. ունէիր ձայնասփիւռի կատարելագործուած սարքեր, որոնց միջոցով, կը հետեւէիր աշխարհի մօտակայ թէ հեռաւոր շրջաններէ կատարուած ձայնասփռումներու։ Այս կալուածին մէջ դարձեր էիր մասնագէտ մը։ Ու այդ փորձառութիւնդ ու գիտելիքներդ տրամադրեցիր «Ազդակ»ին։ Յայտնեցիր, թէ հաղորդումներուն հետեւելու համար, կային առ նուազն չորս տարբեր ալիքներ, ու եթէ մէկն ու մէկը լսելի չէր, կարելի էր միւսներէն մէկուն հետեւիլ աւելի հանգիստ ականջներով։ Ի դէպ, մեր գտած առաջին կայանէն աւելի՛ լաւ լսելի ալիք մը թելադրեցիր, ու մենք այնուհետեւ յաճախ քեզ… օրհնեցինք, առանց քեզի իմաց տալու։ Վստահ եմ համեստօրէն պիտի ըսէիր. «Ի՜նչ մեծ բան ըրեր եմ որ…»։ Արդէն քու բոլոր ըրածներուդ մասին ալ նոյն համեստ տրամադրութիւնը չունէի՞ր…
Բծախնդրութեանդ ու թերթին հանդէպ նախանձախնդրութեանդ մէկ արտայայտութիւնն ալ՝ ուշ գիշերներուն յաճախակի հեռաձայններդ էին։ «Սագօ, այսօրուան լուրերը կրցա՞ր մտիկ ընել»ով սկսուող խօսակցութիւնը յաճախ կ՛երկարէր նոյնինքն լուրերուն բովանդակութեան կրկնութեամբ, անոնց մասին մեկնաբանութիւններովդ, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի ու անոնց զօրակիցներուն հասցէին քննադատական վերլուծումներովդ։ Յետոյ, բանը հասաւ հոն, որ թերթը մամուլին յանձնելէ ետք, առաւօտեան առաջին ժամերուն, զիս հիւրընկալէիր Պէյրութի արեւմտեան շրջանի բնակարանիդ մէջ, որ ամուրի մարդու վիճակ կը պարզէր քիչ մը։ Հոն, ձայնասփիւռի կայաններու մասին դասախօսութիւններուդ կողքին, երբեմն մինչեւ արեւածագ ականջալուր ու բաժնեկից կ՛ըլլայի ծովերէն անդին գտնուող հօրդ, ընտանիքիդ անդամներուն հանդէպ կարօտիդ, բարի զգացումներուդ ու, տակաւին, մեր ազգային ու ընկերական կեանքը յուզող հարցերու եւ դժուարութիւններու մասին մտածումներուդ, խորհրդածութիւններուդ եւ «մէսէլ»ներուդ։ Երբեմն ալ, արդէն անօթեցած, կ՛ուղղուէինք մօտակայ «Մարրուշ» ճաշարանը, ֆուլով վերջացնելու համար «երէկ»ը։ Հաճելի մտերմութեան ու խորացող ընկերականութեան տանող այդ պահերը աչքիս առջեւ կը պարզէին Սարհատ մը, որ տարբեր էր նախկին «Արա Երեւանեան» ակումբի ծածկին տակ հպանցիկ կերպով ճանչցած ընկերոջմէս, որ սակաւախօս էր, արագ անցնող ու բարեւող ժպիտով մը ու քանի մը անուշ խօսքով բաւականացող (վստահ եմ մտերիմներդ ինձմէ շա՜տ առաջ ճանչցած էին սրտամօտութիւնդ ու խոհական «շատախօսութիւնդ»)։
Հիմա, արդէն ահա ձգեր-գացեր ես, ձեւով մը՝ անակնկալօրէն։
Բայց, ի՜նչ խօսք։ Քեզի պէս ընկերներ, մեր սիրելի կուսակցութեան ու մեր ժողովուրդին ծառայողներ ձգած-գացած չեն համարուիր, որովհետեւ քու եւ նմաններուդ վաստակը իբրեւ անկորնչելի ժառանգութիւն կը մնայ մեզի հետ, ու այսօր, կտրած սահմանիդ անդի կողմէն ալ կ՛ըսես մեզի, որ պէտք է գործել առանց աղմուկի, դաշնակցականի՛ պէս, մտածելով, որ «չկան մեծ կամ փոքր գործեր», այլ կայ Գործ, զոր կատարելու համար, փառք ու պատիւ, ծանուցումներ աւելորդ են։ Այս սկզբունքը դուն ու սերնդակիցներուդ մեծ մասը սորված էիք ձեզ կանխող սերունդէն, այդ դրօշը կրեցիր համեստօրէն, բայց վաստա՛կ կերտելով։ Նոյն դրօշը վերցնողներ ու քալողներ պիտի չպակսին բնաւ։
Պիտի կարօտնանք քեզ ու նմաններդ։
Լոս Անճելըս, 26 Յունիս 2013