ՄԱԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սուզըն Ռայս յայտնեց, որ «Խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ հարցով միացեալ կեցուածք որդեգրելու ձախողութիւնը ազդեց անոր վարկին»։
Վերջին անգամ ըլլալով Ապահովութեան խորհուրդի նիստին մասնակցելէ ետք ան յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով Ապահովութեան խորհուրդին ձեռնածալ մնալը «բարոյական եւ ռազմավարական տեսանկիւնէ գայթակղութիւն է, եւ պատմութիւնը այս հարցով անոր դէմ խիստ վճիռ պիտի արձակէ»։ Ան Ռուսիան եւ Չինաստանը պատասխանատու նկատեց այդ ձախողութեան։
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ-Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտակարգ դրութեանց նախարարութիւնը յայտնած է, թէ նախարարութեան պատկանող «Իլ-62» օդանաւ մը Սուրիոյ տագնապի շարունակման լոյսին տակ, Լաթաքիայէն Մոսկուա փոխադրած է 130 անձեր, որոնց շարքին 76 ռուս քաղաքացիներ՝ աւելցնելով, որ «տեղւոյն բնակչութեան 20 թոն մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող ռուսական երկու օդանաւեր Երեքշաբթի օր էջք կատարած էին Սուրիա»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.