
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ֆրանսայի նամակատունը յատուկ դրոշմաթուղթ հրապարակած է՝ նուիրուած Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի նախագահութեան: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանը: Դրոշմաթուղթին վրայ կայ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի նկարը եւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի նախագահութեան խորհրդանիշը: Անիկա շրջանառութեան մէջ դրուած է 24 Յունիսին: