
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հանրայայտ երաժիշտ Սերժ Թանքեան «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցի իր էջով անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն եւ իր ձայնը միացուցած այդ հարցով Միջազգային Ներում (Amnesty International) իրաւապաշտպան կազմակերպութեան նախաձեռնած ստորագրահաւաքին: «Այսօրուան Թուրքիոյ բեւեռացուած հասարակութեան տխուր իրականութիւնն է, որ աջակցութիւն կը ստանայ Արեւմուտքէն, իբրեւ՝ «արեւելեան ժողովրդավարութեան» տիպար, հակառակ անոր, որ հոն լրատուամիջոցները կը մնան խիստ վերահսկողութեան տակ եւ երկիրը ունի մեծ թիւով բանտարկուած լրագրողներ: Թուրքիան սթափուելու լուրջ կարիքը ունի, եւ յոյսով ենք, որ նոր սերունդը կ՛ըլլայ հաւասարութեան, արդարութեան եւ պատմական իրականութեանց պաշտպան», գրած է Թանքեան:
Միջազգային Ներումը ստորագրահաւաքի սկսած է՝ դատապարտելու համար ցուցարարներու դէմ Թուրքիոյ ոստիկանութեան գործած բռնարարքները եւ պահանջելու Թուրքիոյ իշխանութիւններէն, որ անյապաղ վերջ տան խաղաղ ցուցարարներու դէմ կիրառուող բռնութեանց՝ ապահովելով խօսքի եւ ազատ հաւաքներ իրականացնելու ազատութիւն:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը նաեւ կոչ կ՛ընէ ձեռնարկելու արագ, ազատ եւ անաչառ հետաքննութիւն մը՝ անհամաչափ ուժ կիրառած պաշտօնեաները բացայայտելու համար: