
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Շաբաթ, Յունիս 15ին, Տալասի մէջ կայացած մրցումին, բռնձքամարտիկ Վանէս «Մղձաւանջ» Մարտիրոսեան միայն հինգ վայրկեանի ընթացքին կրցաւ «նաքաութ»ով պարտութեան մատնել Ռայըն Տէյվիսը:
Կլենտէյլէն Մարտիրոսեան այս յաղթանակէն ետք իր ասպարէզին մէջ կը մնայ անպարտելի՝ արձանագրելով 33 յաղթանակ եւ մէկ հաւասարութիւն: Նաեւ, անոր յաղթանակներէն 21ը աւարտած են «նաքաութ»ով:
Մարտիրոսեանի մարզիչ Ռոմա Քալանթարեան կը յայտնէ, թէ Տալասի «Ամերիքըն Էրլայնզ» մարզադաշտին մէջ կայացած մրցումին սկիզբէն իսկ յայտնի էր, թէ Վանէս ժամանակ վատնելու չէր եկած ու ամենակարճ ժամանակամիջոցին իսկ կրցաւ յաղթանակ արձանագրել՝ յաջորդական երկու առիթներով զգետնելով իր մրցակիցը:
148էն 154 փաունտի կշիռքին մէջ կայացած այս մրցումը Մարտիրոսեանի առաջինն էր Նոյեմբեր 2012էն ի վեր, երբ ան Էրսիլանտա Լարայի դէմ հաւասարութեամբ աւարտած մրցումին ընթացքին վիրաւորուած էր, իսկ Մարտին ան փորձի ընթացքին կոտրած էր բթամատի ոսկորը:
Վանէս «Մղձաւանջ» Մարտիրոսեան կը մարզուի Կլենտէյլի «Մէյն Իվենթ» մարզական ակումբին մէջ: