Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ու Ազգային վարչութիւնը կը յայտարարեն, թէ ուսումնական յառաջիկայ՝ 2013-2014 տարեշրջանին համար, դիմումնագիրներ պիտի ընդունուին «Յարութ Պարսամեան հայ ուսանողներու կրթաթոշակ»ին համար։
Հիմնադրամը հաստատուած է փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ, աջակցելու համար հայ ուսանողներու, որոնք կը փափաքին բարձրագոյն ուսման տիրանալ Միացեալ Նահանգներու որեւէ վարկաւորուած համալսարանի կամ քոլեճի մէջ։ Տնօրինումները կը կատարուին այս հիմնադրամի վարիչ մարմինին կողմէ։
Դիմումնագիրին պէտք է կցել՝
– Ուսանողին ամփոփ կենսագրականը եւ անոր հետ կապ հաստատելու տեղեկութիւնները (հասցէ, ե-նամակ, հեռաձայն…)
– Վկայագիր մը՝ ամերիկեան որեւէ օրինաւոր համալսարան կամ քոլեճ ընդունուած ըլլալու մասին, եւ ուսանողի անձնագիրը։
– Մասնագիտութեան ճիւղը, տարին, եւ այլն:
Կը խնդրուի դիմումնագիրները Ազգ. առաջնորդարան յղել մինչեւ Ուրբաթ, Յուլիս 31, հետեւեալ հասցէով. Harut Barsamian Armenian Students Scholarship Fund, C/O Western Prelacy, 6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.