ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնութեան, 9 Յունիս, 2013, կէսօրուան ժամը 1:30ին, Երիտասարդական կեդրոնի «Գասանճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի ամավերջի հանդէսը։
Ներկայ էին քահանաներ՝ տէր Վազգէն Աթմաճեան եւ տէր Կոմիտաս Թորոսեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամները։
Յայտագիրի բացումը կատարուեցաւ Կիրակնօրեայ վարժարանի բարձր դասարանի աշակերտներու խմբային երգեցողութեամբ, ղեկավարութեամբ՝ Մերի Ջաղացպանեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Էլենա Աւաննէսեանի։ Ընթացքին, պաստառին վրայ ցուցադրուեցան մէկ տարուան միջոցին իրագործուած ձեռնարկներէն, շրջապտոյտներէն հատուածներ, ուր լուսարձակի տակ առնուեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցիչներու եւ ծնողա-օժանդակ մարմինի համատեղ, քրտնաջան աշխատանքը՝ հայ մանկան հոգեմտաւոր դաստիարակութեան ճամբուն: Ապա յայտագիրին մէջ ընդգրկուած երգերուն բառերը երեւցան պաստառին վրայ, որ ուղեցոյց հանդիսացաւ ծնողներուն՝ մասնակցելու երգերու կատարման։
«Տէրունական աղօթք», «Մեր Հայրենիք», «Մաղթերգ կիրակնօրեայի» երգերը եկան աւելնալու հայոց տառերուն, հայ երգին եւ մայրիկին նուիրուած գեղեցիկ երգերուն։ Քանի մը տարիներ առաջ այս հայ մանուկներուն շրթներէն թոթովացող «մայրիկ» բառը այսօր իմաստաւորուեցաւ անոնց երգի գեղեցիկ հնչերանգներով՝
Մի հրաշք գիտեմ աշխարհում,
Մի հրաշք լուսէ ու բարի,
Այդ հրաշքը ամենատաք՝
æերմ ժպիտն է մայրիկիս։
Ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսուչ Յակոբ æաղացպանեան։ Ան հպարտօրէն ընդգծեց, որ վարժարանը այս տարի կը բոլորէ իր 35րդ տարեշրջանը, ապա անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակին՝ 2013 տարին «Հայ Մօր Տարի» հռչակման, եւ մէջբերում մը ըրաւ հռչակագիրէն. «Մեր ողջ պատմութեան ընթացքին հայ մայրը հայ ժողովուրդին համար ոչ միայն դարձած է տիպար մայր՝ իր կեանքին մէջ ցոլացնելով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային սրբազան արժէքներն ու առաքինութիւնները, հայ մայրը որպէս ընտանիքի սիւն, որպէս իր զաւակներուն նուիրեալ դաստիարակ, նաեւ մեր պատմութեան ընթացքին իր օրինակելի վարքագիծով, անհուն զոհողութեամբ, քրիստոնէական հաւատքի պահպանութեան, ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան սրբազան առաքելութեամբ եղած է բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի արժանի անձ մը»։
Ապա հայ մօր նուիրուած իր սրտի խօսքը արտայայտեց՝ ընթերցելով հատուած մը Պ. Սեւակի «Մօր ձեռքերը» բանաստեղծութենէն։
Յ. æաղացպանեան անդրադարձաւ 2012-13 տարեշրջանին, դպրոցի դաստիարակութեան առընթեր, աշակերտներուն մատուցուած նիւթերուն՝ մայր, զաւակ եւ հայր յարաբերութեան, անոնց հոգիներուն մէջ սերմանելով յարգանք երէցի հանդէպ Աստուծոյ պատուիրաններուն ընդմէջէն՝ ամրապնդելով սիրոյ կապը։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն՝ իրենց զաւակները եկեղեցիին վստահելուն համար, ուր մանուկը կը ծանօթանայ Յիսուսի եւ իր եկեղեցւոյ դարաւոր անցեալի աւանդութեանց եւ, ի վերջոյ, կ՛ըլլայ պատրաստ՝ ժառանգելու այս աստուածապատկան հաստատութիւնը։
Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ քահանայ հայրերուն, որոնք իրենց հայրական սիրով կ՛ընդունին եւ կը քաջալերեն մանուկները, նաեւ հոգաբարձութեան, որ միշտ նեցուկ կանգնած է Կիրակնօրեայ վարժարանին։ Ապա խօսքը ուղղեց ուսուցչական կազմին, որ ամէն Կիրակի, կրթութեան ճամբով, մանուկներուն մէջ սերմանեցին հաւատք եւ սէր, իսկ ծնողա-օժանդակ մարմինը, տնօրէնութեան կողքին՝ ամէն առիթով տարած է կազմակերպչական աշխատանքներ: Ան նշեց, որ արդէն կազմակերպուած եւ ամրան կազմակերպուող դաշտագնացութիւնները կը նպաստէն այս ամուր կապին: Իր խօսքի աւարտին, Յակոբ æաղացպանեան մեծարանքի ու գնահատանքի խօսքերով ներկայացուց վարժարանի երիցագոյն ուսուցչուհիներէն՝ Քրիսթին Մկրեանը, հայ մանուկին հոգեւոր դաստիարակութիւն սերմանելու իր բազմամեայ եւ նուիրական ծառայութեան համար: Ք. Մկր-եան պատուըւեցաւ «Վարք Սրբոց» գիրքով, զոր յանձնեց Էլենա Աւաննէսեանը եւ այդ առթիւ՝ իր դիւթիչ ձայնով մեկնաբանեց «Մայրիկիս» երգը (երաժշտ.՝ Սահարունիի, խօսք՝ Աւ. Իսահակեանի): Ապա Ք. Մկրեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով գնահատանքին համար։
Գեղարուեստական բաժինով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի, եւ ապա՝ առաջինէն մինչեւ ութերորդ դասարաններու աշակերտները՝ խմբային երգերով եւ արտասանութեամբ:
2012-13 կրթական շրջանի ութերորդ դասարանի շրջանաւարտները ցանկութիւն յայտնած են մնալու եւ շարունակելու կրթութիւնը Կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ եւ հրաժարած են այս տարի վկայական ստանալէ։ Մանկապարտէզի երեսուն աշակերտներէն ութը՝ ստացան վկայականներ: Իրենց ուղերձին մէջ անոնք խօստացան. «Հայ մնալ եւ միշտ խօսիլ հայերէն»։
Վկայականներու բաշխումէն ետք, մանուկները ստացան հոգաբարձութեան կողմէ պատրաստուած «հոգեւոր համերգի ձայնասկաւառակներ։
Հոգաբարձութեան ատենապետ Զարեհ Մարգարեան ողջունեց Քրիսթին Մկրեանը իր երկար տարիներու աշխատանքին համար, ապա գնահատանքի խօսք փոխանցեց Յ. Ջաղացպանեանին, որ որպէս տեսուչ ամուր պատնէշի վրայ դրած է վարժարանը։ Ապա գնահատեց Մերի Ջաղացպանեանի տարիներու աշխատանքը՝ հոգաբարձութեան կողքին, շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ծնողա-օժանդակ մարմինին տարած լուրջ աշխատանքին համար։
Ամավերջի հանդէսի աւարտին Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան քաղցրահնչիւն մեղեդիներու շունչին տակ գնահատեց Կիրակնօրեայ վարժարանի հանդէսը, ուր աշակերտներ ներկայացան ինչպէս ծաղիկներու փունջ մը եւ իրենց երգ-արտասանութեամբ հարստացուցին ներկաներուն հոգիները։
Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց տեսուչին, ուսուցչական կազմին եւ ծնողա-օժանդակ մարմինին՝ անոնց անսակարկ նուիրումին եւ աստուածահաճոյ առաքելութեան համար, որոնք եկեղեցւոյ ճամբով կը սորվեցնեն բարոյական արժէքներ՝ հեռու պահելով նոր սերունդը հեռաատեսիլի եւ արտաքին վատ երեւոյթներու ազդեցութիւններէն։
Ապա «Պահպանիչ»ով յայտագիրը հասաւ աւարտին։