
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ֆրանսայի մէջ հայկական գերազանցութեան շաբաթուան ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ 17-23 Յունիսին, Մարսէյի մէջ տեղի ունեցած է «Հանրի Վերնոյ»ի ցուցահանդէսի բացումը, որուն ներկայ գտնուած են սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, Քլոտիա Քարտինալը, Օմար Շերիֆը, Ժաքի Ներսէսեանը, Նաթալի Ռուսելին, Իզապէլ Սատոյեանը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանը եւ Հայաստանէն եկած պատուիրակութիւնը:
Այս ծիրին մէջ նախարարութեան նախաձեռնութեամբ բացումը կատարուած է նաեւ լիբանանահայ արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանին եւ հայ նկարիչներու կողմէ տրամադրուած նկարներու ցուցահանդէս-վաճառքին, որմէ գոյացած գումարը պիտի յատկացուի սուրիահայերուն համար նոր թաղամասի կառուցման աշխատանքներուն։
Ֆրանսայի մէջ հայկական շաբաթը կազմակերպած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը՝ «Թեր տ՛Արմենիա» կազմակերպութեան, «Արարատ Թի. Վի.»ի տնօրէն Ռիշարտ Ֆինտիկեանի, Մարսէյի փոխքաղաքպետ Տիտիէ Պարաքեանի, Մարսէյի Հայ-ֆրանսական առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ Մարսէյի 13, 14րդ թաղամասերու թաղապետ, Մարսէյի հայ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան տան ղեկավար Կարօ Յովսէփեանի հետ գործակցաբար: