ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Պոլսոյ «պատրիարքարանի «Յովակիմեան» մատենաշարը հրատարակեց նոր գիրք մը, որ մինչեւ այսօր պատրիաքարանի կողմէ հրատարակուած գիրքերուն միջ պիտի ունենայ իր մասնաւոր տեղն ու կարեւորութիւնը»։
«Անդրանիկ Կոնդակներ» խորագիրով գիրքը կը բովանդակէ Սահմանադրական շրջանէն ասդին Պոլսոյ պատրիարքներուն անդրանիկ կոնդակները։
«Գիտենք, որ բոլոր պատրարքները իրենց գահակալութեան շրջանին բազմաթիւ կոնդակներ կը հրատարակեն, բայց մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնեն անոնց «Անդրանիկ կոնդակ»ները, այսինքն պատրիարք ընտրուելէ վերջ անոնց հրատարակած առաջին կոնդակները։ Այդ կոնդակները նոյն պատրիարքին կողմէ հրատարակուած բոլոր կոնդակներուն ամէնէն կարեւորը չեն անպայման, բայց պատմական արժէք կը ներկայացնեն քանի որ անոնք կերպով մը նորընտիր պատրիարքին գործունէութեան մէկ ծրագիրը կը ներկայացնեն», կը գրէ «Մարմարա»։
Պատրիարքարանին կողմէ հրատարակուած այս գիրքը, որ դարձեալ կը նուիրուի պատրիարքական աթոռի հիմնարկութեան 550ամեակին, ըստ «Մարմարա»ի՝ «ամէնէն առաջ մեր մասնաւոր ուշադրութիւնը կը գրաւէ պատրիարքներուն դիմանկարներով, ամէնէն պաշտօնականները անշուշտ, որոնք տպուած են անթերի հարազատութեամբ ու առանձինն ալպոմ մը կրնային կազմել, եթէ քով քովի գային։ Վաղարշակ սրկ. Սերովբեանի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած այս հատորը մեզի կը ներկայացնէ նաեւ պատրիարքներուն մէկմէկ կարճ կենսագրութիւնն ու անոնց գործածած կնիքները։ Իւրաքանչիւր կոնդակի տակ կը գտնենք պատրիարքներուն ստորագրութիւնը իրենց հարազատութեան մէջ»։
Շարքը կը սկսի Սարգիս Ե. Ադրիանապոլսեցի պատրիարքով ու կու գայ մինչեւ Մեսրոպ պատրիարք Մութաֆեան։ «Մեր եկեղեցական պատմութեան մէկ հատուածը կայ հոս իր ամբողջութեան մէջ։ Շնորհաւորելի են անոնք, որոնք այս կոնդակները հրատարակելու գաղափարը յղացեր են։ Նշենք, որ այս կարգին՝ պէտք է շնորհակալ ըլլանք Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեանին, Գրիգոր Ա. քհնյ Տամատեանին, Վաղարշակ սրկ. Սերովբեանին, Արթուն սրկ. Տամատեանին, Սարվէն դպիր Տանէին, Արիս Գարանֆիլին, որոնք հրատարակութեան յանձնախումբը կազմեր են, Զատիկ աբեղ. Պապիկեանին, բրշ. Պահատըր Թաշքընին, Կարօ Քիւրքմանին, որոնք օժանդակեր են հրատարակութեան, նաեւ Գրիգոր Սահակեանին որ պատրաստեր է կողքը», կ՛եզրափակէ
«Մարմարա»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.