Կիրակի, Յունիս 2ին, կազմակերպութեամբ ՀՕՄի Տիթրոյիթի հինգ մասնաճիւղերուն՝ «Մարօ», «Սիպիլ», «Զապէլ», «Ցոլիկ» եւ «Շաքէ», տեղի ունեցաւ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող «Ուաք Արմինիա» (Walk Armenia) քայլարշաւը, Ռոյըլ Օքի շրջանէն ներս:
Աւելի քան հարիւր հայորդիներ, եռագոյն դրօշը պարզած մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան այս ձեռնարկին: Ներկաներու շարքին էին Ս. Սարգիս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ հայր Հրանդ Գէորգեան եւ Ս. Վարդան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ հայր Անտօն Ադամեան:
Այս առթիւ ՀՕՄի խօսքը փոխանցեց Շաքէ Պասմաճեան: Ապա երգուեցաւ Հայաստանի քայլերգը, որմէ ետք ազդանշանը տրուեցաւ քայլարշաւին:
Օտար անցորդներ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան այս քայլարշաւին:
Գոյացած գումարը տրամադրուեցաւ ՀԵԴ «Քեմփ Հայաստան»ին, Օքլահոմայի մրրիկի զոհերուն՝ ԱՄՆ «Կարմիր խա»չի ճամբով եւ ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւելեան շրջանի Armenia Fund հիմնարկին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.