
ՄՈՍԿՈՒԱ, «ԱրմինիաՆաու».- Չորեքշաբթի օր շարք մը ռուսական լրա-տուամիջոցներ կը հա-ղորդեն, թէ Ռուսիաբնակ յայտնի հայ գործարարը դանակահարած են Մոս-կուայի մէջ:
«Պալթինֆօ» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Յովիկ Մուրատեան, որ իր եղբօր՝ Իրաքի մօտ Հայաստանի դեսպան Մուրատ Մուրատեանի հետ 20 տարի առաջ Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ հիմնած է «ՊԱՄՕ» շինարարական ընկերութիւնը, յարձակման ենթարկուած է Մոսկուայի «Լօթ Փլազա» (Lotte Plaza) հիւրանոցի մուտքին մօտ՝ անյայտ անձի մը կողմէ:
Ոստիկանութեան պաշտօնեայ մը ըսած է, որ 51ամեայ գործարարին վրայ յարձակող դիմակաւորուած չարագործը դանակով քանի մը հարուածներ հասցուցած է եւ կրցած է փախչիլ դէպքի վայրէն:
Արդէն յարուցուած է քրէական գործ՝ կանխամտածուած սպաննութեան յատկանիշով: