ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 10 Յունիսի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մ. Ճալխին: Ընդհանուր քարտուղարը առաջին հերթին զեկոյց մը տուաւ հայրապետին շուրջ շաբաթ մը առաջ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած «Քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ու վկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ» միջազգային համագումարին մասին:
Սոյն համագումարին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած էին Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան:
Ընդհանուր քարտուղարը խորհուրդի շրջանային գրասենեակներուն (Նիկոսիա, Դամասկոս, Գահիրէ եւ Ամման) առնչուած կարգ մը հարցերուն շուրջ ուզեց ունենալ վեհափառ հայրապետին տեսակէտը: Ընդհանուր քարտուղարը նաեւ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին խորհուրդին նիւթապէս օժանդակող արեւմտեան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն գնահատանքը՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ շուրջ տասը օրեր առաջ տեղի ունեցած համդիպման նկատմամբ: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին ողջունելով խորհուրդին նոր նշանակուած ընդհանուր քարտուղարին աշխոյժ գործունէութիւնը, թելադրեց զգուշաւորութեամբ ու զգայնութեամբ մօտենալ միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող կարգ մը հարցերու նկատմամբ, նկատի ունենալով շրջանի կացութիւնը ու շեշտեց կարելի բոլոր միջոցներով եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը:
Երկուշաբթի, 10 Յունիսին, Ժընեւի մէջ, Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի (վարիչ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու) ատենապետութեամբ գումարուեցաւ եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու ժողովը։
Ժողովականներ քննարկեցին քրիստոնէական ներկայութիւնը աշխարհի մէջ եւ քրիստոնէական վկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս, Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու ժողովներու արխիւի դասաւորումը, Եկեղեցական ընտանիքներու եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համաժողովին մասնակցութիւնը եւ Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու յառաջիկայ ժողովին կազմակերպումը։
Նարեկ սրբազան նաեւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ, անկլիգան եկեղեցւոյ եւ լուտերական եկեղեցւոյ քարտուղարներուն հետ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ անոնց ունեցած սերտ յարաբերութիւններուն մասին խօսեցաւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.