ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, 7 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 6ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2013ի «Հայ մօր տարի» հռչակման առիթով տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի կազմակերպած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանակաբաշխութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:
Հանդիսութեան ներկայ էին, տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ, մեծ թիւով աշակերտներ եւ գիրքի բարեկամներ:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի գրատարածի անձնակազմի անդամ Սրբուհի Պազարպաշեան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնց գործակցութեամբ կարելի եղաւ երրորդ տարին ըլլալով իրագործել այս օգտաշատ ծրագիրը: Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մրցանքի դատական կազմի անդամներ Սարգիս Նաճարեանին, Ռոզեթ Ալեմեանին, Վերա Կոստանեանին, Նորա Բարսեղեանին եւ Եսայի Հաւաթեանին, որոնք ընդառաջեցին հրատարակչատան առաջարկին: Ան իր երախտագիտական խօսքը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին եւ անոր ճամբով Ազգային առաջնորդարանի «Սեպուհ Շահպազեան» ֆօնտին, որ ստանձնեց մրցանակակիր գիրքերու հատորի տպագրութեան մեկենասութիւնը: Ան մատնանշեց նաեւ, որ անցնող քանի մը ամիսներուն Համազգայինի գրատարածը դպրոցական շրջուն ցուցահանդէսով եւ գրասէր հանրութեան յատուկ ծրարներու պատրաստութեամբ յաջողած է շուրջ վեց հազար մանկական, պատանեկան, ինչպէս նաեւ պատմական եւ գրական հատորներ ցրուել գաղութին մէջ:
Ապա խօսք առաւ դատական կազմի անդամ Սարգիս Նաճարեան, որ գնահատեց Համազգայինի հրատարակչատան այս նախաձեռնութիւնը թէ՛ իբրեւ գաղափար եւ թէ իբրեւ նպատակ: Ան գնահատանքով անդրադարձաւ աշակերտներուն ցուցաբերած լրջութեան եւ հաստատեց, որ բոլոր գիրքերն ալ արժանի են մրցանակի:
Դատական կազմի անդամ Ռոզեթ Ալեմեան յայտարարեց մրցանքի արդիւնքները:
Յայտնենք, որ վերամուտին գիրքերու այս հաւաքածոյի հատորը սեփականութիւնը պիտի դառնայ մասնակից վարժարաններու աշակերտութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.