ՊՈԼԻՍ.- Թատրոնի նշանաւոր հայ դերասանուհի Անի Իփէքքայա, որ հանդէս կու գայ Թուրքիոյ զանազան հաղորդաշարերու եւ գովազդներու մէջ, մշակութասէրներուն կը ներկայանայ նոր ֆիլմով մը։
«Այս անգամ սիրուած արուեստագիտուհին նկարահանուած է մանկական հետաքրքրական շարժանկարի մը մէջ, որ կը կոչուի «Ընկերս՝ Մէքսը» եւ որ անցեալ Ուրբաթ, 7 Յունիսէն սկսեալ կը ցուցադրուի Թուրքիոյ շարժանկարներու բոլոր սրահներուն մէջ», կը գրէ «Մարմարա» օրաթերթը։
Ժապաւէնի գլխաւոր հերոսը շուն մըն է՝ Մէքս, որ ամբողջ Թուրքիոյ սիրելին դարձած է Աճուն Ըլըճալըի «Թուրքիոյ տաղանդը դո՛ւք էք» խորագիրով պատկերասփիւռի յայտագրին շնորհիւ եւ նուաճած է յաղթողի կոչումը, գլխաւոր մրցանակը՝ 500 հազար լիրա շահեցնելով իր տիրոջ։
«Ժապաւէնի միւս հերոսները նոյնպէս ծանօթ դէմքեր են արուեստասէրներու համար եւ Անի Իփէքքայան ալ անոնցմէ մէկն է ու կը մարմնաւորէ մեծահարուստ կնոջ մը կերպարը։ «Աթիյէ հանըմ» կ՛ապրի Պոզճաատայի մէջ, ունի ձէթի գործարան մը եւ իր հարստութենէն բաժին կը հանէ բոլոր անոնց, որոնք դրամական աջակցութեան պէտք ունին. իսկ Մէքս իր հաւատարիմ շունն է։ Հարուստ կինը իր կտակի մասին յայտարարելէ ետք կ՛առեւանգուի իր իսկ եղբօրորդիին կողմէ, որ չի հանդուրժեր, որ հօրաքրոջ հարստութիւնը իր ընտանիքին չմնայ, իրենց բաժին հասնի միայն փոքր գումար մը, իսկ ամբողջ հարստութիւնը բաժնուի ասոր-անոր միջեւ։ Դէպքերը այնուհետեւ կը զարգանան հետաքրքրական դրուագներով, կը կապուին փոքրիկ տղու մը ու անոր ընտանիքի առօրեային ու ի վերջոյ… բարիին, որ կը կը յաղթէ չարին», կը պատմէ մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.