ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի 11րդ շրջանի նախագահական ընտրութիւններուն զուգահեռ՝ Ուրբաթ, Յունիսի 14ին պիտի կայանան Թեհրանի աւագանիի (քաղխորհուրդի) ընտրութիւնները:
Թէեւ 4րդ շրջանն է, որ տեղի կ՛ունենան Թեհրանի այս ընտրութիւնները, սակայն առաջին անգամն է, որ իր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ հայ երիտասարդ մը՝ Արմէն Նազարեանը:
Արմէն Նազարեանը իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Բարձրորակ մասնագէտներու միաւորումի ցուցակին վրայ, զոր կը գլխաւորէ նախկին Իրանի մշակոյթի նախարար Ահմատ Մասճետճամէին:
Երկուշաբթի, 10 Յունիսի առաւօտեան Իրանի մտաւորականներու կեդրոնին մէջ կայացաւ յիշեալ միաւորումի մամլոյ ասուլիսը: 31 հոգինոց ցանկի թեկնածուները հինգ վայրկեանի սահմանին մէջ ներկայացուցին ինքնակենսագրական տուեալներ եւ իրենց ծրագիրները:
Թեկնածուներէն քաղաքական գիտութիւններու մասնագէտ Արմէն Նազարեան հակիրճ կերպով ներկայացուց իր տուեալները, որմէ ետք պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
Ի պատասխան Իրանի մէջ իրանահայ համայնքի ներկայ կարգավիճակին՝ ան նշեց, որ երկիրի կրօնական փոքրամասնութիւնները երկիրի օրէնսդրութեան մէջ ունենալով իրենց վերաբերող օրէնքի իւրայատուկ կէտեր՝ անկաշկանդ կը նշեն իրենց ազգային-կրօնական տօներն ու արարողութիւնները եւ ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն հանգամանքին, որ այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցին առիթով նոյնիսկ թեհրանահայութիւնը արտօնութիւն ստացաւ բողոքի քայլարշաւ կազմակերպելու մինչեւ Թուրքիոյ դեսպանատուն:
Իսկ «Ալիք»ի թղթակիցի այն հարցումին, թէ յիշեալ ընտրութիւններուն մասնակցութեան նպատակը ի՞նչ է, Արմէն Նազարեան այսպէս պատասխանեց. «Ես թեկնածութիւնս դրած եմ ոչ միայն որպէս հայ համայնքի անդամ, այլ՝ իբրեւ իրանցի, եւ այսպիսով՝ ապացուցած եմ, որ այսպիսի ընտրութիւններու մասնակցելու համար չկայ սահմանափակում»:
Արմէն Նազարեան նշեց, որ ինքն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է եօթը այլ միաւորումներու շրջագիծին մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ ընտրուելու պարագային պիտի կարենայ Թեհրանի բարօրութեան ի նպաստ իրականացնել իր ծրագիրները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.