Լոյս տեսած են Ջաւախքի մասին երկու նոր գիրքեր: Առաջինը «Հայոց հիւսիսային դարպասները. Ջաւախք, Լոռի» մատենաշարի 9րդ գիրքն է, ուր կան յօդուածներ, արխիւային եւ այլ նիւթեր: Գիրքը կարելի է տեսնել http://www.javakhk1915-23.com կայքին վրայ՝ հետեւեալ հասցէով.
http://www.javakhk1915-23.com/files/Javakhk_Lori_9.pdf եւ Books.Javakhk.net Ջաւախքի գրադարանի հետեւեալ հասցէով. http://ru.scribd.com/doc/146143462/Northern-Gates-to-Armenia-JAVAKHK-LORI-in-Armenian-Part-9
Երկրորդ գիրքը անուանի գրող Մկրտիչ Սարգսեանի «Դէպի լեառն Աբուլ» խորագիրը կը կրէ. հոն կան Մ. Սարգսեանի (1924-2002) ջաւախքեան նիւթով գրուած ստեղծագործութիւնները, որոնց մէջ պատկերուած են Ջաւախք լեռնաշխարհի բազմերանգ գոյներն ու բոյրերը, անոր բնակիչներու ինքնատիպ նկարագիրը: Առանձին բաժիններով գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Ջաւախքի գրական գործիչներուն նուիրուած խորհրդածութիւններ, յուշեր, գրախօսականներ եւ այլն, ինչպէս նաեւ վրացիներուն եւ վրացի գրողներուն առնչուող յօդուածներու շարքը:
Գիրքը կարելի է տեսնել Books.Javakhk.net Ջաւախքի վըրչուալ գրադարանի հետեւեալ հասցէով.
http://ru.scribd.com/doc/146136472/%D5%84%D5%AF%D6%80%D5%BF%D5%AB%D5%B9-%D5%8D%D5%A1%D6%80%D5%A3%D5%BD%D5%B5%D5%A1%D5%B6-%D4%B4%D5%A5%D5%BA%D5%AB-%D5%AC%D5%A5%D5%A1%D5%BC%D5%B6-%D4%B1%D5%A2%D5%B8%D6%82%D5%AC-Mkrtich-Sargsyan-To-Abul-Mountain
Բոլոր ջաւախքասէրները կարելիութիւն պիտի ունենան վերոնշեալ երկու գիրքերը ունենալու նաեւ տպագրուած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.