
ԱՐՊԻԼ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Կիրակի, Յունիս 9ին, պատմական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանի մայրաքաղաք Արպիլ, ինքնավար շրջանին եւ կեդրոնական կառավարութեան միջեւ սառոյցը հալեցնելու նպատակով:
Նաեւ, Իրաքի կառավարութիւնը 2003էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Արպիլի մէջ գումարեց իր ժողովը: Մալիքի եւ նախարարները դիմաւորուեցան շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանիի կողմէ: Մալիքի իրաքցիներուն կոչ ուղղեց համախմբուելու, որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել շրջանային անկայունութեան՝ աւելցնելով, որ «ամէնէն վտանգաւորը վերադարձն է «Քայիտա»ի, «Ճապհաթ Նուսրա»ի եւ նման ծայրայեղական կազմակերպութիւններու»:
Պարզանի, իր կարգին ընդգծեց, որ Մալիքիի ինքնավար մարզ այցելութիւնը «կարեւոր է եւ նոր հանգրուանի մը սկիզբն է»: Ան յայտարարեց, որ մօտ օրէն ինք եւս Պաղտատ պիտի այցելէ: