
ՊՈԼԻՍ, «Արմռետիօ».- Պոլսոյ «Ճեզայիր» սրահին մէջ, Յունիս 13ին տեղի կ՛ունենայ քննարկում մը՝ նուիրուած հնչակեան այն 20 գործիչներու յիշատակին, որոնք 1915ի Յունիս 15ին կախաղան բարձրացուեցան Պոլսոյ «Սուլթան Պայազիտ» հրապարակին վրայ. այս մասին կը հաղորդէ «Ակունք» կայքը՝ հիմնուելով պոլսահայերու «Հայթերթ» կայքի տեղեկատուութեան վրայ:
Սոյն միջոցառման նախաձեռնողներն են՝ Ֆիրտիւս Փերիլօղլու եւ Էրոլ Եշիլիւրթ: Ելոյթներ պիտի ունենան Հայկական հարցին եւ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքեր տպագրած Ռակըպ Զարաքօլու, Մասիս Քիւրքչիւկիլ, Մուստաֆա Քահիան, ինչպէս նաեւ՝ ՍԴՀԿէն ներկայացուցիչ մը:
Նաեւ, Շաբաթ, Յունիս 15ին, յիշեալ 20 հնչակեան գործիչներու յիշատակին պիտի կայանայ ոգեկոչման արարողութիւն: