ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Ըստ լիբանանեան «Ախպար» թերթին՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնած է, թէ Սուրիա երկու տարիէ ի վեր իր դիմագրաւած նեղ կացութիւնը շրջանցած է, իսկ «Արեւմուտքին ու անոր հետեւորդներուն խաղացած վատ խաղը իր վերջաւորութեան հասած է: Արդարեւ, արեւմտեան երկիրները, հակառակ իրենց ցոյց տուածին, ներկայիս գաղտնաբար մրցակցութեան մէջ են՝ Սուրիոյ ներկայացնելու համար առաջարկներ, որոնց միջոցով անոնք կը ջանան պահել վերակառուցման աշխատանքներուն եւ սուրիական ծովափին մօտ յայտնաբերուած մեծաքանակ քարիւղի եւ կազի պաշարներուն արտաբերման մէջ իրենց ընկերութիւններուն բաժինները»:
Ասատ նշած է, որ նոյնիսկ Միջազգային դրամատունը, «որ առանց Միացեալ Նահանգներու կամքին չի շարժիր, Սուրիոյ ներկայացուց առատաձեռն առաջարկ մը՝ 21 միլիառ տոլար արժող, դիւրացուած պայմաններով, փափաք յայտնելով իրականացնելու վերակառուցման ծրագիրները, եւ այդ բոլորը՝ Սուրիոյ մէջ սեփականաշնորհման հռչակաւոր ջատագով Ապտալլա Տարտարիի ճամբով», սակայն Ասատ այդ առաջարկը մերժած է:
Ասատ յայտնած է, որ ինք շատ լաւատես չէ, որ Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ 2» միջազգային խորհրդաժողովը յաջող արդիւնքներու կը հասնի:
Միւս կողմէ, Արեւմտեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» թերթին յայտնեցին, որ «Ժընեւ 2»ն յառաջիկայ ամիս գումարելու կարելիութիւնները հետզհետէ կը չքանան, խորհրդաժողովի տարազին, օրակարգին, մասնակիցներու ինքնութեան եւ ժողովէն բխելիք փոխանցման համաձայնական կառավարութեան լիազօրութեանց բնոյթին շուրջ լուրջ տարակարծութեանց պատճառով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.