ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ մեծապէս բարձրացած է ոչխարներուն թիւը: Այս մասին 11 Յունիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան անասնաբուժութեան եւ անասնաբուծութեան վարչութեան պետ Աշոտ Յովհաննիսեանը: «Մի քանի տարիների կտրուածքով Հայաստանում ոչխարների թիւն աւելացել է շուրջ 300 հազար գլխաքանակով», յայտնած է ան՝ ընդգծելով, ատիկա հիմնականին մէջ առնչուած է դէպի Իրան ոչխարներու արտածման թիւը բարձրացման: Ան նշած է, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ կայ 674 հազար 500 գլուխ ոչխար ու այծ: Միայն նախորդ տարի գրեթէ 85 հազարով աւելցած է ոչխարներուն թիւը: Ոչխարներուն արտածումը նպաստած է Հայաստանի մէջ գիւղացիական տնտեսութիւններու եկամուտներու յաւելման, որուն իբրեւ արդիւնք նկատելի դարձած է ոչխարի միսի գինի նուազումը: «Եթէ այն ժամանակ, երբ նոր էինք արտահանում, ոչխարի միսը խանութում արժէր 4000-4500 դրամ, ապա հիմա՝ 2500-3000ի սահմաններում է», դիտել տուած է ան:
Աշոտ Յովհաննիսեան դիտել տուած է, որ տարիներ առաջ մարդիկ կը հրաժարէին ոչխար բուծելէ, քանի որ պահանջք չկար, իսկ շնորհիւ արտածման՝ այսօր շատեր կը զբաղին ոչխարաբուծութեամբ: Այնուամենայնիւ, ան ընդգծած է, որ իրենք այն կարծիքին են, թէ ոչխարի արտածման ծաւալները տարեկան դրութեամբ պէտք չէ գերազանցեն 180 հազար գլուխը: «Դա թոյլ է տալիս ապահովել համամասնական արտահանման ծաւալները եւ միւս կողմից լիարժէք բաւարարել տեղական սպառման պահանջը»:
Բնականաբար, գլխաքանակի յաւելման զուգահեռ կարելի է աւելցնել արտածման ծաւալները: Անոր համաձայն, նախորդ տարի համեմատաբար քիչ էր արտածումը՝ 65 հազար գլուխ, քանի որ Իրանի մէջ ազգային արժոյթի հետ կապուած խնդիրներ կային, բայց ատիկա նախորդ տարի կազմած է 150 հազար գլուխ: «Յոյս ունենք այս տարի խնդիրը կը կարգաւորուի եւ աւելի մեծ թուով ոչխար կ՛արտահանուի», նշած է ան՝ տեղեկացնելով, որ այս տարի արդէն իսկ 30 հազար գլուխ արտածուած է: Աշոտ Յովհաննիսեան նաեւ նշած է, որ աւելի քիչ թիւով ոչխար արտածուած է նաեւ դէպի Քուէյթ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Քայլերու կը ձեռնարկուին, որպէսզի դէպի Իրաք եւս ոչխար արտածուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.