ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 Յունիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետի առաջին տեղակալ, զօր. Էնրիկօ Ապրեամովի հետ: Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար զօր. Մովսէս Յակոբեանը, քննարկուած են բանակաշինութեան վերաբերող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.