ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունած է Օփերային աշխարհահռչակ երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէն, որուն կ՛ընկերակցէր Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը:
Գարեգին Բ. ողջունած է Մոնսերաթ Քապալիէի այցելութիւնը՝ նշելով, որ անոր ներկայութիւնը մեծ խանդավառութիւն ու ոգեւորութիւն յառաջացուցած է հայ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ, որոնք յատուկ սէր ունին երաժշտութեան հանդէպ:
Խօսելով Հայաստան կատարած այցելութենէն ունեցած տպաւորութիւններուն մասին՝ արուեստագէտը նշած է, որ այս այցելութիւնը իրեն համար ուխտագնացութիւն է՝ Հայաստանն անուանելով քրիստոնէական հաւատքի բաց սիրտը:
Ջերմ զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայոց եկեղեցւոյ պատմութեան, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութեան, հայ հոգեւոր երաժշտութեան եւ մարդկութեան կեանքին մէջ քրիստոնէական հաւատքի ու արժէքներու կարեւորութեան: Կարեւոր նկատուած է նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու զարգացումը:
Աւարտին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները ուղղած է աշխարհահռչակ երգչուհիին:
Հանդիպման ներկայ եղած է Մայր Աթոռի վանական խորհուրդի նախագահ, հրատարակչական բաժնի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանը, որուն ընկերակցութեամբ Մոնսերաթ Քապալիէ այցելած է նաեւ Մայր Տաճար եւ Մայր Աթոռի թանգարանները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.