ԵՐԵՒԱՆ, Նիուզ.- Ղեկավարուելով Հայաստանի Սահմանադրութեան 55րդ յօդուածի 16րդ կէտով եւ հիմք ունենալով «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 11ին կարգ մը անձերու շնորհած է արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի ու արտակարգ դեսպանորդի եւ լիազօր նախարարի դիւանագիտական աստիճաններ:
Արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան տրուած է հետեւեալ անձերուն.
Արմէն Մելքոնեանին՝ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
Միքայէլ Մինասեանին՝ Վատիկանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
Հրանտ Պօղոսեանին՝ Ճափոնի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
Արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարարի դիւանագիտական աստիճան տրուած է հետեւեալներուն.
Լեւոն Ամիրջանեանին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւաբանական վարչութեան պետի պաշտօնակատար
Արմէն Եգանեանին՝ Քանատայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
Արմէն Լիլոյեանին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի վարչութեան խորհրդական
Սարգիս Ղազարեանին՝ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
Տիգրան Մկրտչեանին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան նախարարի խորհրդական
Արմէն Պապիկեանին՝ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ
Գէորգ Պետրոսեանին՝ Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.