– Լիբանանեան «Տիար» թերթը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիա եւ Քաթար մահափորձ ծրագրած էին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ, բայց Սուրիոյ ապահովական մարմինները խափանած են փորձը։
– Իրանի ապահովական մարմինները յայտարարեցին, որ ձերբակալուած է «ահաբեկչական ցանց մը», որ կը մտադրէր Յունիս 14ի նախագահական ընտրութեանց ընթացքին խափանարարական արարքներ կատարել, արաբական երկիրներ ամբաստանելով «ցանցին ետին կանգնելու» յանցանքով:
– Եուրօ դրամանիշը գործածող 17 երկիրներուն մէջ անգործութեան համեմատութիւնը Ապրիլ ամսուան ընթացքին նոր մրցանիշ մը հաստատած է՝ հասնելով 12.2 տոկոսի: Տարի մը առաջ, այդ համեմատութիւնը 11.2 տոկոս էր: Անգործութեան համեմատութիւնը ամէնէն աւելի բարձր է Յունաստանի, Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ՝ յաջորդաբար՝ 27, 26.8 ու 17.8 տոկոս, իսկ անգործութեան ամենացած համեմատութիւնը Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ է, յաջորդաբար՝ 4.9 եւ 5.4 տոկոս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.