ԱՆԳԱՐԱ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Ոստիկանական բռնարարքներուն մէկ մասին համար ներողութիւն հայցելու եւ ցուցարարներու ներկայացուցիչներուն հետ Չորեքշաբթի, Յունիս 5ին հանդիպում մը ունենալու Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչի քայլը կը թուի որոշ չափով մեղմացուցած ըլլալ անցեալ շաբաթ սկսած ժողովրդային բողոքի ալիքը, սակայն Չորեքշաբթի օր եւս հազարաւոր ցուցարարներ Անգարայի, Պոլսոյ եւ քանի մը այլ քաղաքներու մէջ ցոյցերու մասնակցեցան՝ դատապարտելով Թաքսիմի հրապարակին վրայ գտնուող «Կեզի» զբօսայգին վերցնելու ջանքերը եւ ոստիկանութեան ցուցաբերած բիրտ հակազդեցութիւնը: Հաղորդուեցաւ նաեւ, թէ Չորեքշաբթի օր Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցի մը ընթացքին սպաննուած է այլ ցուցարար մը:
Նաեւ, ոստիկանութիւնը Չորեքշաբթի օր դարձեալ արցունքաբեր կազեր օգտագործեց Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ, դէպի վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գրասենեակները ուղղուող ցուցարարներուն յառաջխաղացքը կասեցնելու համար:
Արընչի հետ ցուցարարներու ներկայացուցիչներու հանդիպումին ընթացքին, պահանջուեցաւ իշխանութիւններէն, որ կասեցնեն Թաքսիմի հրապարակը վերադասաւորելու ծրագիրները, արգիլեն արցունքաբեր կազերու օգտագործումը, պաշտօնազրկեն բռնարարքներուն պատասխանատուները եւ անմիջապէս ազատ արձակեն ձերբակալեալները:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Անգարային կոչ ըրաւ յարգելու ընդդիմադիրներուն իրաւունքները՝ աւելցնելով. «Թուրքիա ժողովրդավարութեան ուղիէն պէտք չէ շեղի»:
Նաեւ, «Կեզի»ի հարցը Երեքշաբթի օր Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգին նիւթ դարձաւ, ու բուռն բանավէճ ծագեցաւ ընդդիմադիր ու իշխանամէտ երեսփոխաններու միջեւ: Երեսփոխաններ նախատինքներ տեղացուցին իրարու հասցէին։ Բանավէճը ծագեցաւ, երբ ներքին գործոց նախարար Մուամմեր Կիւլեր ներկայացուց վերջին օրերու խռովութիւններու նիւթական վնասներուն հաշուեկշիռը եւ խիստ լեզուով պաշտպանեց ապահովական ուժերու միջամտութիւնը: Սակայն, ընդդիմադիր երեսփոխաններ շարունակաբար միջամտեցին եւ անոր ելոյթին ընթացքին «բռնատէր» պոռացին իշխանութիւններու հասցէին:
Ըստ Արընչի՝ Թաքսիմի դէպքերուն հետեւանքով արձանագրուած վնասը աւելի քան 40 միլիոն տոլար է:
Վերջապէս, նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Երեքշաբթի օր նախագահական ապարանքին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն Պոլսոյ երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյա Էօնտերի հետ, որ ցոյցերուն ընթացքին վիրաւորուած էր: Էօնտեր տեսակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Արընչի հետ: Երեսփոխանը գոհ եղած է տեսակցութեանց արդիւնքներէն եւ ըսած. «Ես որեւէ ցուցարարի կոչ չեմ ըներ, որ ետ քաշուի իր դիրքերէն, բայց, որպէս անոնց ճամբու մէկ ընկերը՝ կ՛ըսեմ, որ այլեւս պէտք է քալենք ժողովրդավարական ու խաղաղարար գետիններու վրայ։ Այսպէս ընելով է, որ միլիոնաւորներու սիրտին մէջ տեղ շահեցանք»։ Ան նաեւ խստօրէն դատապարտած է Պոլսոյ կուսակալը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.