ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի քաղաքապետարանի հովանաւորութեան տակ գտնուող բոլոր մանկապարտէզները համալրուած են նոր գոյքով: Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, մանկապարտէզները գոյքով համալրելու 2013 թուականի ծրագիրը աննախադէպ է. ներառուած են բոլոր մանկապարտէզները եւ ցուցակագրուած գոյքերը պիտի ստանան ամբողջութեամբ:
Այս տարի մանկապարտէզները նոր գոյքով ապահովելու ամբողջական ծրագիրին մէջ նկատի առնուած են ելեկտրական սարքեր՝ սալօճախ, սառցարան, սառնարան, մսաղաց, թէ՛ կրտսեր եւ թէ աւագ տարիքային խումբերու համար կահոյք՝ 2313 սեղան եւ 10,000 աթոռակներ եւ այլն: Եռայարկ մահճակալներուն նախատեսուած 1859 հատէն 1150ը արդէն մանկապարտէզներուն մէջ տեղադրուած է: Պիտի բաժնուին նաեւ 1253 հատ պահարան, նաեւ խոհանոցային պիտոյքներ՝ 1894 հատ տարբեր չափերու կաթսաներ ու թէյնիկներ, ինչպէս նաեւ դգալներու 274 հաւաքածոյ՝ իւրաքանչիւրը 12 հատ պարունակութեամբ:
Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի դասաւորումով նախորդ տարի գոյքագրուած էր մանկապարտէզներուն հնամաշ կամ պակսող գոյքը, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք նորերով փոխարինել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.