
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Թէքէեան մշակութային միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանի ամառնային դասաւանդութիւնները տեղի պիտի ունենան Յուլիս 1-31, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2: Պիտի տրամադրուին հետեւեալ դասանիւթերը՝ հայերէն, անգլերէն, ուսողութիւն եւ մարզանք: Մէկ ամսուան համար մասնակցութեան սակը 450 տոլար է: Վարժարանին հասցէն է՝ 1200 N. Cahuenga Blvd., Los Angeles, CA 90038: