
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը պէտք է զօրացնել. Հինգշաբթի, Մայիս 30ին այսպէս յայտնած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար:
«Ամերիկա կը հանդիսանայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման կողմնակից: Մենք գիտենք, որ ներկայ իրավիճակը՝ երկրի տարածքներուն մէկ մասին բռնագրաւումը, անթոյլատրելի է», աւելցուցած է դեսպանը՝ ելոյթ ունենալով «Ատրպէյճան-Ամերիկա. Հայեացք դէպի ապագայ» համաժողովին ընթացքին:
«9 ամիս Ատրպէյճան իմ գտնուած ընթացքին հասկցայ, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը միաւորէ Ատրպէյճանի ամբողջ ժողովուրդը եւ այդ հակամարտութեան ողբերգութիւնը կը հանդիսանայ ամբողջ ազգին ողբերգութիւնը», նշած է Մորնինկսթար:
Դիւանագէտին համաձայն՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները ի վիճակի չեն իրենց ուժերով հասնելու հակամարտութեան կարգաւորման: «Օրակարգի վրայ պէտք է դրուի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը զօրացնելու հարցը: Պէտք է այդ հակամարտութեան մասնակից իւրաքանչիւր երկրի համար ձեռնարկուին վստահութիւն ներշնչող քայլեր: Եթէ նման պայմաններու մէջ ժողովուրդները պատրաստ չեն փոխզիջումներ կատարելու՝ խաղաղութեան հասնելու համար, ապա՝ կարելի չէ անոր հասնիլ», նշած է դեսպանը:
Մորնինկսթարի համաձայն՝ խաղաղութեան գործընթացին համար շատ կարեւոր է նաեւ ապահովել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութիւնը. «Մինսկի խմբակին կողքին, պէտք է գործի դրուի նաեւ այսպէս կոչուած՝ «երկրորդ կարգի դիւանագիտութիւն»: Միջազգային ու տեղական ոչ պետական կազմակերպութիւններ պէտք է իրենց աւանդը ներդնեն խաղաղութեան հասնելու համար», եզրակացուցած է ան: