ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2013ի առաջին եռամսեակին սուրիահայ 260 քաղաքացիներ ստացած են Հայաստանի անձնագիրներ՝ առանց պետական տուրք վճարելու: Հայաստանի կառավարութիւնը 29 Մայիսին որոշում տուաւ 16.9 միլիոն դրամ տրամադրել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ չվճարուած պետական տուրքերը հոգալու նպատակով:
Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, անձնագիրները տրուած են Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ դրացի երկիրներու՝ Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատուներուն մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.