
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հանրային ծառայութիւնները սակագիները կարգաւորող յանձնաժողովի աշխատանքային քննարկումը, որ նախատեսուած էր 29 Մայիսին, եւ որուն ընթացքին պիտի քննարկուէին կազի եւ ելեկտրականութեան սակերու բարձրացման հարցերը, կարելի չէ եղած կայացնել, քանի որ աշխատաժողովին մասնակից հասարակական գործիչները
խոչընդոտած են աշխատանքները։ Անոնք բողոքած են այն մասին, որ շէնքին առջեւ կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք արձանագրուած են քննարկման մասնակցելու համար, սակայն ոստիկանութիւնը արգիլած է անոնց մուտքը: Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին անդամները յայտնած են, որ տեղը բաւարար չէ բոլորին, այդ պատճառով ալ միայն մէկ մասին արտօնուած են ներս գալ։ Բայց եւ այնպէս, քննարկումը կազմակերպողները ոչ մէկ ձեւով կրցած են հանդարտեցնել քաղաքացիները եւ սկսել աշխատաժողովի: Գործիչները կը պահանջէին կարելիութիւն տալ հասարակութեան բոլոր շերտերուն՝ մասնակցելու քննարկումներուն, իսկ յանձնաժողովի շէնքին դիմաց գործիչներու այլ խումբ մը կը բողոքէր կազի գինի բարձրացման դէմ: Սպառողներու միութեան նախագահ Արմէն Պօղոսեանը առաջարկած է յետաձգել քննարկումը եւ աւելի մեծ դահլիճ ընտրել՝ հասարակութեան լայն շերտերուն ներկայութեամբ այդ քննակումը կատարելու։
Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի նախագահ Ռոբերտ Նազարեանը քննարկման մասնակիցներուն առաջարկած է բարձրանալ այլ դահլիճ մը, որ աւելի մեծ է եւ շարունակել քննարկումները: Սակայն գործիչները շարունակած են պնդել, որ իրենք կը փափաքին, որ հանրային լայն քննարկում կազմակերպուի շատ աւելի մեծ դահլիճի մէջ, որուն մասնակցելու կարելիութիւն պիտի ունենան աւելի մեծ թիւով մարդիկ: Ի պատասխան՝ Ռոբերտ Նազարեան առաջարկած է չխանգարել այդ օրուան քննարկումները՝ խոստանալով, որ յաջորդ օրէն սկսեալ աշխատանքային խումբեր եւ ժամանակացոյց ճշդուին՝ հասարակութեան տարբեր շերտերուն հետ առանձին-առանձին բոլոր հարցերը քննարկելու համար: Սակայն գործիչները եւ քննարկման մասնակիցներէն մէկ քանին դէմ արտայայտուեցան այդ առաջարկին՝ շարունակելով պնդել իրենց պահանջները:
Ռոբերտ Նազարեան նշած է, որ իրենք այլ դահլիճի մէջ ժողով պիտի չգումարեն: Ան դիտել տուած է, որ իրենք պատրաստ են ամէն օր նման քննարկումներ կայացնելու հասարակութեան տարբեր շերտերու հետ՝ նշելով, որ մեծ դահլիճի մէջ ժողով կայացնելու միտումներ չկան, որպէսզի ցուցադրութեան չվերածուի անիկա:
Ռոբերտ Նազարեան յայտարարած է քննարկումի աւարտը՝ նշելով, որ նման պայմաններու մէջ ժողովը շարունակելը անկարելի է։ Արշակ Սադոյեան առաջարկած է քննարկումը շարունակել հանրային խորհուրդին մէջ: Բայց եւ այնպէս Ռոբերտ Նազարեան չէ ընդառաջած առաջարկին եւ լքած է դահլիճը։