
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– Ճանաչողական այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ գտ-նուող Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամներ Ֆրանսուա Ռոշպլուանը, Հանրի տը Ռենկուրը եւ Պեռնար Սոժենը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղեցին ֆրանսացի, հայերու մեծ բարեկամ ու, իր կտակին համաձայն, Արցախի մէջ թաղուած Հանրի Սապիի եւ Արցախի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի գերեզմաններուն վրայ:
Ապա ֆրանսացի խորհրդարանականները ուղղուեցան Շուշի: Այցելեցին Կերպարուեստի թանգարան, ուր Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանի ընկերակցութեամբ շրջագայեցան ցուցասրահները, ծանօթացան թանգարանին մէջ ներկայացուած գործերուն:
Թանգարանի սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ ֆրանսացի խորհրդարանականներուն ու Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի պարգեւատրումը՝ Ղարաբաղեան շարժման 25ամեակի նուիրուած մետալով: Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարը անոնց նուիրեց կերպարուեստի թանգարանի ալպոմը: Այնուհետեւ անոնք մեկնեցան ֆրանսահայ բարերարներու կողմէ Շուշիի մէջ կառուցուող արհեստագործական ուսումնարանի հրապարակ եւ ծանօթացան կատարուող աշխատանքներուն: Վերջին կանգառը Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին էր, ուր հիւրերը մոմ վառեցին՝ աւարտելով Արցախ տուած իրենց այցելութիւնը:
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ֆրանսուա Ռոշպլուանը «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ, հակառակ անոր որ միայն տարի մը անցած է Ղարաբաղ տուած իր այցելութենէն, սակայն արդէն բաւական փոփոխութիւնները նկատելի են: «Յստակ փոփոխութիւններ նկատելի են, կան նոր շինութիւններ, եւ երկրի զարգացումը բացայայտ է», դիտել տուաւ ան՝ նշելով, որ ուրախ է տեսնելու այն, թէ ճանչցուած չըլլալու հանգամանքը Արցախի մէջ խոչընդոտ չի հանդիսանար պետական կառոյցներու լաւ աշխատանքին, երիտասարդներու հաւատքին՝ իրենց երկրին մէջ լաւ ապագայ ունենալու գծով: «Կը կարծեմ, թէ ոչ միայն ֆրանսացի, այլ նաեւ այլ երկրի պատգամաւորներ եւս պէտք է այցելեն Արցախ՝ մէկ կողմէ տեսնելու երկիրը, միւս կողմէ ալ օժանդակելու, որ վերջնական խաղաղութիւն հաստատուի հոն», յայտնած է ֆրանսացի պատգամաւորը: Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման վերաբերող օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ հանդէս գալու չի՞ պատրաստուիր, Ֆ. Ռոշպլուանը նշած է, որ այսօր առաջնահերթ հարցը խաղաղութեան պահպանումն է, եւ այս առումով պէտք է ճիշդ աշխատանքներ տարուին՝ վնաս չհասցնելով արձանագրուած ձեռքբերումներուն: «Ֆրանսայի մէջ Արցախի հետ մենք ստեղծած ենք բարեկամութեան շրջանակ, եւ այս ուղղութեամբ անիկա մեր առաջին քայլն է», յայտնած է ան՝ նշելով, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը վստահաբար օր մը պիտի կատարուի:
Ստեփանակերտի մէջ օր մը առաջ անոնք հանդիպում ունեցած էին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործող երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Ստեփանակերտի ֆրանսախօսներու ակումբի անդամներուն հետ։
27 Մայիսին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւս ընդունեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ ծերակոյտի անդամներէն բաղկացած խումբը:
Նախագահ Սահակեան Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը որակեց իբրեւ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկը՝ յատուկ ընդգծելով երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ ամուր կապերու պահպանման ու ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը: Նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատեց Ֆրանսա-Արցախ բարեկամական շրջանակի ստեղծումը՝ աւելցնելով, որ մեծ սպասելիքներ ունի անոր աշխատանքներէն:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ Արցախի ներքին ու արտաքին կեանքին, շրջանային քաղաքականութեան, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող շարք մը հարցեր: