ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- «Սուրիոյ բարեկամներ» խմբակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Չորեքշաբթի, Մայիս 22ին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ժողով մը գումարեցին: Ժողովին մասնակցեցան Յորդանան, Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Եգիպտոս, Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Գերմանիա, Իտալիա, ինչպէս նաեւ սուրիական ընդդիմութենէն հատուած մը:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկ յայտնեց. «Իրան եւ անոր դաշնակից լիբանանեան «Հըզպալլա»ն կ՛աջակցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին եւ անոր պէտք եղածէն աւելի աջակցութիւն կը տրամադրեն»: Ան նշեց, որ Բրիտանիա միջազգային ուժերը պիտի մղէ Սուրիոյ տագնապի լուծման համար նախատեսուած միջազգային խորհրդաժողովին թուական մը ճշդելու՝ յառաջիկայ քանի մը օրերուն:
Մինչ այդ, սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը Սուրիական ազատ բանակի բոլոր ուժերուն կոչ ուղղեց՝ «Քուսէյրի օգնութեան փութալու», ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Քուսէյրի համար մարդասիրական միջանցք մը բանալու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց, որ Սուրիոյ բանակը վերջին քանի մը օրերուն զինուորական ձեռքբերումներ արձանագրեց, սակայն անոնք ժամանակաւոր են: Ան նշեց, որ աշխատանք կը տարուի «Ժընեւ 1» ժողովի որոշումներուն գործադրութեան համար միացեալ կեցուածքի մը հասնելու:
Միւս կողմէ, Փենթակոնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ Ռուսիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլա Փաթրուշեւի հետ քննած է երկու երկիրներուն միջեւ հակահրթիռային պաշտպանութեան մարզին եւ Սուրիոյ տագնապին ուղղութեամբ գործակցութեան հարցերը:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ Սուրիոյ ընդդիմիութեան զէնք տրամադրելու հարցով օրինագիծի մը քննարկումին ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ դէպքերը կ՛ազդեն Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն վրայ: Օրինագիծի հեղինակները կ՛ընդգծեն, որ զէնք պէտք է տրամադրուի միայն այն զինեալներուն, որոնք կը կիսեն ամերիկեան արժէքները եւ չեն ձգտիր Սուրիոյ մէջ իսլամական օրէնքներ հաստատելու:
Վերջապէս, Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարար Կերհարտ Քլոկ յայտնեց, որ մօտէն կը հետեւի Եւրոպական Միութեան կողմէ՝ սուրիացի ընդդիմադիրներուն զէնքի մատակարարման դէմ հաստատուած արգելքի վերացման ջանքերուն, վստահեցնելով, որ «արգելքի վերացման որոշումը Աւստրիան պիտի մղէ կացութիւնը վերստին գնահատելու»: Ան նշեց, որ դէպի Սուրիա զէնք ուղարկելու արգելքին վերացման պարագային՝ Աւստրիա կրնայ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իր զինուորները մօտ օրէն հեռացնել Կոլանէն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.