ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Մուհամմատ մարգարէն նախատած ըլլալու յանցանքով, յայտնի հրապարակագիր Սեւան Նշանեան 13.5 ամիս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ Չորեքշաբթի, Մայիս 22ին: Ան այժմ միայն վճռաբեկ ատեանին դիմելու իրաւունք ունի։
Նշանեան յանցաւոր կը նկատուի համացանցային իր կայքէջին վրայ հետեւեալը գրելուն համար. «Ատելութեան յանցագործութիւն չէ ծաղրանքի ենթարկել արաբ ղեկավար մը, որ ասկէ հարիւրաւոր տարիներ առաջ պնդած է, թէ Աստուծոյ հետ կապ հաստատած է եւ ատկէ քաղաքական, դրամական ու սեռային շահ ապահոված է»։
Նշանեան դատարանի որոշումին մասին իր մտածումները արտայայտեց «Ռատիքալ»ի թղթակիցին եւ ըսաւ, որ վճիռը հետեւողական քաղաքականութեան մը արդիւնք է, այլ ոչ սովորական դատարանի մը արձակած վճիռը։
«Կարճ ժամանակի մէջ նմանօրինակ բազմաթիւ դատեր բացուեցան ու բոլորն ալ շուտով վճիռի յանգեցան: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն մը կայ եւ վստահ եմ, որ անիկա կառավարութենէն ծնունդ կ՛առնէ։ Բացի ատկէ, այս վճիռը բոլորովին ներհակ է Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու ատեանի սկզբունքներուն: Թրքական դատարանը ասպարէզ կը կարդայ Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու ատեանին՝ անտեսելով նաեւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները Եւրոպայի հետ», ըսաւ Նշանեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.