– Լոնտոնի Ուուլուիչ շրջանի զօրանոցին մօտ 25ամեայ բրիտանացի զինուոր մը սպաննուեցաւ Մայիս 22ին: Ոստիկանութեան հետ կատարուած հրացանաձգութենէ մը ետք, երկու կասկածելիներ վիրաւորուելով՝ հիւանդանոց փոխադրուեցան: Կասկածելիներէն մէկը, որ նիճերիացի մըն է, յայտնած է, թէ յարձակումը իսլամներու սպանութեան փոխհատուցում է:
– Թրքական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին կը յայտնեն, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Սալման իշխանին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի՝ Անգարայի մէջ Մայիս 21ին կայացած հանդիպումին ընթացքին, որոշուած է երկու երկիրներուն միջեւ համակարգումը ամրապնդել եւ ջանք թափել փոխհասկացողութեան գոյացման, մասնաւորաբար՝ Իրանի հիւլէական թղթածրարին, անոր աշխարհաքաղաքական հետեւանքներուն եւ տարածաշրջանի շարք մը երկիրներուն մէջ Իրանի ապահովական միջամտութեանց շուրջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.