
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Սպառողների աջակցման կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Աշոտ Միրզոյեան այս ամիս գործածած կազի գումարը պիտի չվճարէ եւ կոչ ուղղած է բոլորին՝ նոյնը ընելու եւ պաշտպանելու սեփական իրաւունքները, այսպիսով պայքարելով կազի գինի բարձրացման դէմ: «Մի՛ վճարէք գազի վճարը, ասէք, պարոն Միրզոյեանն ասել է, որ դուք հիմնաւորուած չէք բարձրացրել գինը», յայտնած է ան եւ աւելցուցած, որ այսպիսի պարագաներու սովորաբար տնտեսագիտական հիմնաւորումներ կը տրուին, «սակայն այսօրուայ իրականութիւնն այն է, որ նոյնիսկ գազի գնի թանկացումը քաղաքականացուած է»:
Ան նշած է, որ կազի գինի բարձրացումը կանխատեսելի էր, ինչպէս նաեւ այն, որ ատիկա պիտի կատարուէր ընտրութիւններէն ետք, քանի որ ընտրութիւններէն առաջ նման քայլ մը շատ վտանգաւոր պիտի ըլլար իշխանութիւններուն համար: Ան յայտնած է, որ այս քաղաքականութեան դէմ ժողովուրդը կրնայ պայքարել այսօրուան պէս սառն եւ անտարբեր վիճակի մէջ չմնալով: «Եթէ ժողովուրդը ոչ մի բան չանի, դրան հետեւելու է շղթայական թանկացումը: Ես տեսնում եմ էսօր ինչ է կատարւում, ես ռէալ կեանքից եմ ասում», յայտնած է Միրզոյեան։
Մի ՎճաՐէքՌէք պիտի ըլլայ մի վճաՐէք
Մի ՎճաՌէք-ը պիտի ըլլայ մի վճաՐէք