ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործի ծիրին մէջ ձերբակալուած է Հայաստանի անվտանգութեան նախարարութեան «Նուբարաշէն» քրէական հիմնարկի պետի նախկին տեղակալ Դ. Մուրադեանը. այս մասին «Փանորամա»ին տեղեկացուցած են Յատուկ քննչական ծառայութենէն: Անոր նկատմամբ կասկած կայ՝ մեծագումար կաշառք ստանալու գծով:
Քրէական գործի նախաքննութեամբ բացայայտուած է, որ «Նուբարաշէն» հիմնարկի պետի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մուրադեանը 2012ի Փետրուարէն մինչեւ Դեկտեմբեր երկարած ժամանակաշրջանին դատապարտեալ Արտակ Յակոբեանէն եւ անոր կնոջմէ՝ Հայաստան Յակոբեանէն, Արտակ Յակոբեանին պատիժի ժամանակը կրճատելու եւ զայն աւելի կանուխ ազատ արձակելու համար պահանջած եւ ստացած է 14,000 տոլար: Բացի ատկէ, նոյն հարցին համար Արտակ Յակոբեանի ծանօթներուն միջոցով ձեռք բերած է 540,000 դրամի կահոյք:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի, կը կատարուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.