ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Պուտափեշթի մէջ կայացած է Ինթըրփոլի Եւրոպական տարածաշրջանային 42րդ համագումարը, որուն մասնակցած են Եւրոպական տարածաշրջանի 48 անդամ երկիրներու ոստիկանութեան, իրաւապահ մարմիններու եւ 7 միջազգային կազմակերպութիւններու 128 պատուիրակներ:
Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, 14-16 Մայիսէն կայացած կոնֆերանսին Հայաստանի պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ Ինթըրփոլի Ազգային կեդրոնական բիւրոյի (ԱԿԲ) պետ, ոստիկանութեան փոխգնդապետ Ա. Ֆիդանեանը: Հայաստանի պատուիրակը գործնական հարցերու շուրջ քննարկումներ կատարած է Ինթըրփոլի գլխաւոր քարտուղար Նոպլի, Գործադիր կոմիտէի նախագահ Պալեստրազիի, Գլխաւոր քարտուղարութեան, ԱՊՀ երկիրներու, Գերմանոյ, Շուէտի, Աւստրիոյ, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ եւ այլ անդամ երկիրների Ինթըրփոլի ԱԿԲներու եւ ոստիկանական ծառայութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Համագումարին ընթացքին քննարկուած եւ համաձայնութեան արժանացած են Ինթըրփոլի ապօրինի զէնք- զինամթերքի հաշուառման եւ անոնց յայտնաբերման համակարգի համալրման եւ օգտագործման, Եւրոպական տարածաշրջանի համար Ինթըրփոլի 2014-2016 թուականներու ռազմավարութեան, յափշտակուած աւանդներու վերադարձման նպատակով կատարուած միջազգային գործողութիւններու խթանման, Եւրոփոլի հետ համացանցային յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ Ինթըրփոլի համագործակցութեան խթանման, ոստիկանական տեղեկատուական համակարգերու միջեւ աշխատանքներու զարգացման միջոցով ոստիկանական միջազգային համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերեալ առաջարկները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.