ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին մէջ 15 Մայիսին գումարուած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ կազմուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի նախաձեռնութիւններու կազմակերպման յանձնախումբի ժողովը՝ նախագահութեամբ յանձնախումբի ատենապետ, Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի:
Ժողովին ընթացքին զեկուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի նախաձեռնութիւններու վերաբերող առաջարկներ ներկայացնող յանձնաժողովի ատենապետ, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանը: Յանձնաժողովի աշխատանքներու վերջնական արդիւնքներուն հիման վրայ ան ժողովականներուն ներկայացուցած է քսաներեք առաջարկներ, որոնք կը վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններու նախապատրաստութեան եւ անոնց գործադրութեան։
Ժողովի ներկայացուցիչները հանգամանօրէն քննարկելով առաջարկները՝ ամբողջացուցած եւ վերջնականացուցած են զանոնք, որպէսզի ներկայացնեն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին՝ առ ի վաւերացում։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.