ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».- Մինչ Երեւանի մէջ կառավարութեան շէնքին առջեւ կազի սղութեան դէմ բողոքի ցոյց կը կատարուէր, վարչապետը կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ կառավարութիւնը 30 տոկոսը յատկացում պիտի կատարէ կազի սակագինին:
«Ուզում եմ քաղաքացիներին տեղեակ պահել, որ սոցիալապէս անապահով ընտանիքները ստանալու են օժանդակութիւն, որպէսզի գազի թանկացումը նրանց ընտանեկան բիւջէի վրայ բացասական ազդեցութիւն չթողնի», յայտնած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ կազի գիներու բարձրացման վերաբերեալ քննարկումները պիտի ըլլան բաց եւ հրապարակային, բոլոր կուսակցութիւնները, հասարակական կազմակերպութիւնները, որոնք հետաքրքրուած են այս հարցով, կարելիութիւն պիտի ունենան մասնակցելու այդ քննարկումներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.