
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնի մէջ գործող եւ տոքթ. Նորիկ Պօղոսեանի անուան քաղցկեղի կեդրոնին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Մայիս 5ին, «Ալեքս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է ծիծաղի երեկոյ մը՝ «Laugh 4 A Cause» անունով, որուն ընթացքին ելոյթներ ունեցան կատակաբաններ Մազ Ճոպրանի եւ Վահիկ Փիրհամզէի:
Քաղցկեղի կեդրոնին ի նպաստ դրամահաւաքի ձեռնակ մը հանդիսացող այս միջոցառումին, որուն ներկայ էր աւելի քան 1000 հոգի եւ ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել 60,000 տոլար գումար մը: